ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հայաստանի ազգային գրադարանը մշակած է տարուան միջոցառումներու ծրագիրը

փտր 13, 2024 Նորութիւններ

2024   
 

Գրադարանները ամէն տարուան պէս արդէն կազմած են 2024 թուականի ծրագիրները եւ մշակած են առաջնահերթ ընելիքները: Հայաստանի ազգային գրադարանը եւս մշակած է տարուան իր ռազմավարութիւնը: Բնականաբար, ընթերցողին, առաջին հերթին, կը հետաքրքրեն տարուան ընթացքին նախատեսուած հանրային միջոցառումները՝ ցուցահանդէսները, գիրքերու քննարկումները, գիրքի եւ ընթերցանութեան հանրահռչակման ուղղուած միջոցառումները, որոնց անցկացման ուղղութեամբ արդէն քայլեր կը ձեռնարկուին:

Հայաստանի ազգային գրադարանի 2024-ի հանրային միջոցառումներու առանցքին մէջ պիտի ըլլան տարուան գլխաւոր յոբելեանները: Այս տարի, հայ մշակոյթի նշանաւոր դէմքերուն՝ Սերկէյ Փարաճանովի, Պարոյր Սեւակի, Զահրատի, Շարլ Ազնաւորի, Մկրտիչ Սարգսեանի, Երուանդ Մանարեանի, Գոհար Գասպարեանի ծննդեան 100-ամեակներն են, որոնց պիտի անդրադառնանք միջոցառումներու շարքով:  

Քանդակագործ Երուանդ Քոչարի, հայ գրող Ակսէլ Բակունցի եւ ամերիկացի գրող Էրնեսթ Հեմինկուէյի 125-ամեակները եւս պիտի նշենք այս տարի: Տարուան ընթացքին տասնեակ յոբելեաններ պիտի նշենք, որոնց սոսկ թուարկումը մեզմէ մի քանի էջ կը խլէ: Հայաստանի ազգային գրադարանը, ինչպէս ամէն տարի, պիտի նշէ Գիրք նուիրելու օրը՝ փետրուար 19-ին, Մայրենի լեզուի օրը՝ փետրուար 21-ին, Ազգային գրադարանային շաբաթը (ապրիլին): Մեր օրացոյցին վրայ տարբեր միջոցառումներով պիտի արձագանգենք նաեւ Հայաստանի տօնական եւ յիշատակի օրերուն:

Առանձնայատուկ հանդիսութեամբ պիտի նշենք Հայաստանի ազգային գրադարանի հիմնադրման 105-ամեակը՝ առաջնորդուելով «Հպարտ՝ անցեալով, ոգեշնչուած՝ ապագայով» նշանաբանով: Իսկ աշնանը՝ հոկտեմբերի սկիզբը, գրադարանը արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով պիտի հիւրընկալէ «Ժառանգութեան պահպանութիւն յանուն կայուն ապագայի» միջազգային գրադարանային գիտաժողովի մասնակիցները: Մեր սիրելի հետեւորդները, ընթերցողները կը հրաւիրենք աշխուժօրէն մասնակցելու գրադարանի բազմաբնոյթ միջոցառումներուն: